image

Քու մայրաքաղաքիդ չխառնուեցանք, մեր մայրաքաղաքին մի' խառնուիր. Իսրայէլ զայրացած է Էրտողանէն

Քու մայրաքաղաքիդ չխառնուեցանք, մեր մայրաքաղաքին մի' խառնուիր. Իսրայէլ զայրացած է Էրտողանէն

ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելու շուրջ Էրտողանի յայտարարութիւնը Իսրայէլի մօտ զայրոյթի ալիք առաջացուցած է, որ իր արձագանգը գտած է Երթեւեկութեան եւ Կրթութեան նախարարներու յայտարարութիւններուն մէջ, կը գրէ «Huffpost» լրատուական կայքը:

Նշենք, որ անցնող երեքշաբթի օր Էրտողան զգուշացուցած էր ԱՄՆ նախագահը՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելէ, շեշտելով, որ «Երուսաղէմը իսլամներու համար կարմիր գիծ է», ու աւելցնելով, որ նման քայլ կրնայ պատճառ դառնալ Անգարայի եւ Թել Աւիւի դիւանագիտական յարաբերութիւներու խզման:

Որպէս պատասխան Իսրայէլի Երթեւեկութեան նախարարը յայտնած է. «Մենք Թուրքիոյ նախարարի հրամաններուն կամ սպառնալիքին չենք ենթարկուիր, Իսրայէլ ինքնիշխան պետութիւն է, որուն մայրաքաղաքը Երուսաղէմ է»:

Իր հերթին Իսրայէլի Կրթութեան նախարարը նշած է, որ բնական է, որ քննադատութիւններ հնչեն, սակայն Երուսաղէմի միասնականութիւնը Էրտողանի հաւանութիւնն ստանալէն աւելի կարեւոր է:

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Ցիպի Լիվնի գրառմամբ մը ընդդիմացած է Էրտողանի յայտարարութեան դէմ, ըսելով. «Քու մայրաքաղաքիդ չխառնուեցանք, մեր մայրաքաղաքին մի' խառնուիր»: