image

Հարիրիի հարցազրոյցի ժամանակ երեւացող անյայտ անձը կասկածներ ստեղծեց (Լուսանկար)

Հարիրիի հարցազրոյցի ժամանակ երեւացող անյայտ անձը կասկածներ ստեղծեց (Լուսանկար)

Հարիրիի կիրակի օրուան տուած հարցազրոյցը Լիբանանի մէջ մանրակրկիտ վերլուծութիւններու ալիք բարձրացուց: Այս մասին կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Առանձնապէս բուռն կերպով քննարկուած է հարցազրոյցի ժամանակ հաղորդավարին ետեւը կանգնած անծանօթ անձը, որուն ձեռքը թուղթ մը կար, ու Հարիրի անդադար անոր կը նայէր:

Նշուած անձին շուրջ թուիթըրեան գրառումներ ու տեսանիւթեր տարածուած են, ուր կը հնչեն նաեւ տարբեր կարծիքներ ու վերլուծութիւններ:

 


Գրառում կատարողներէն ոմանք կը պնդեն, թէ տարածուած տեսանիւթերին մէջ Հարիրի ձեռքի նշանով մը անծանօթ անձէն կը խնդրէ հեռանալ: Ուրիշներ կը հաստատեն, որ ան Հարիրիի մետիա խորհրդատուն է, եւ անոր ներկայութիւնը բնական է հարցազրոյցներու ժամանակ:

Քննարկումներու նիւթ դարձած են նաեւ Հարիրիի ետեւը դրուած հին պահարանը, վերջինիս երկար եղունգները, որ, ըստ ոմանց, իր նկատմամբ անհոգատար վերաբերմունքի նշան է:

Հակառակ հարցազրոյցի ժամանակ Հարիրիի կողմէ հնչած պնդումներուն, թէ ինք ազատութեան մէջ կը գտնուի եւ մօտ օրէն Լիբանան պիտի վերադառնայ, Լիբանանի ժողովուրդը համոզուած է, որ ան անազատութեան մէջ կը գտնուի եւ զրկուած է ազատ տեղաշարժի իր իրաւունքէն: