image

Սուրիոյ ապագան՝ նախագահ Պաշշար Ասատի հայեացքով. Գերմանական թերթը կը բացայայտէ Ասատի միտքերը

Սուրիոյ ապագան՝ նախագահ Պաշշար Ասատի հայեացքով. Գերմանական թերթը կը բացայայտէ Ասատի միտքերը

Գերմանական «Թազ» թերթը զեկոյց մը հրապարակած է, ուր ներկայացուցած է Սուրիոյ ապագայի տեսլականը՝ նախագահ Պաշշար Ասատի  հայեացքով:

 

Թերթը գրած է. «Ասատ կ'աշխատի «մաքրել» Սուրիան իր թշնամիներէն, եւ գնահատել բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին որ ինք ցայսօր ալ մնայ իշխանութեան վրայ, ըլլան անոնք դաշնակիցներ, տարբեր ղեկավարներ, կամ   իշխանութեան կողմնակից գործարարներ»:

 

Թերթը նշած է, որ Սուրիոյ մէջ «Տահէշ»ի կազմակերպութեան ետ մղումէն ետք, վարչակարգը իր ուժերը պիտի կեդրոնացնէ ընդդիմութեան տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն վերատիրանալու վրայ. Այսինքն՝ Դամասկոսի արեւելեան շրջանն ու Հոմսէն Համայի միչեւ ինկած տարածքը: «Կասկած չկայ, որ Ասատ պիտի փորձէ ստիպել տեղի բնակիչներուն յանձնուիլ»,- գրած է թերթը:

 

Աշխատանքի երկրորդ փուլին, ան պիտի ստիպէ ընդդիմադիրները եւ աքթիւիստները յանձնուիլ եւ ուղղուիլ դէպի Իտլիպ: Անոր դէմաց, այս շրջաններուն մէջ պիտի վերաբնակեցնէ Սուրիոյ իշխանութեան հաւատարիմ կողմնակիցները, եւ այսպիսով ան պիտի մօտենայ իր նպատակին՝  «միատարր» հասարակութիւն մը կառուցելու առումով:

 

Թերթը հաստատած է, որ Ասատի աշխատանքներու երրորդ փուլը յատկացուած  պիտի ըլլայ անոր վերահսկողութենէն դուրս եղող տարածքներուն մէջ իր ազդեցութիւնը տարածելուն եւ այդ հատուածները երկրի հիւսիս արեւելեան շրջաններն են, այսինքն՝ քիւրտերու ինքնավար մարզ ճանչցած շրջանը , ինչպէս նաեւ երկրի հարաւային շրջանը: