image

Սուրիական բանակը կը տիրապետած է քարիւղի կարեւոր հանքերու

Սուրիական բանակը  կը տիրապետած է    քարիւղի  կարեւոր հանքերու

Սուրիական բանակը, ռուսական օդուժի օժանդակութեամբ,    կարեւոր  յարձակում գործադրեց Ռաքքայի հարաւ արեւմուտքը գտնուող քարիւղի հանքերու  ուղղութեամբ:

 

 «Ալ Ախպարիյէ Էլ Սուրիյէ» ալիքի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, զօրքը վերատիրացած է  Ալուահապ, Ալֆահտ, Տպիսան, Ալքէյսար, Ապու Ալ Քըթաթ, Ապու Քաթթաշ եւ Ռաքքայի հարաւ արեւմուտքի այլ գիւղերու  քարիւղի հանքերուն:

Նշենք, որ այդ հանքերը կը գտնուին  Ռասաֆայի հարաւը, որ ,անցեալ ամիս զօրքը ծայրայեղականներուն ձեռքէն կրցած էր ազատագրել:

Սուրիական աղբիւրներու համաձայն, ամենանոր առաջընթացը կը համարուի զօրքի տարածումը Համայի արեւելքէն մինչեւ Հոմսի արեւելքը եւ Ռաքքայի ու Տէր Ալ Զօրի շրջակայքը:

Նշենք, որ    անցեալ մայիսին, ռուսական օդուժը, Միջերկրական ծովը գտնուող զինուորական նաւերէն, Քրուզ ռուսական  հրթիռներով ծանր հարուածներու ենթարկեց Ուքէյրիպաթ   շրջանը, ուր կը գտնուին ծայրայեղականները:

Զօրքի յաջորդ նշանակէտն է Սուրիոյ արեւելքը, Իրաքի սահմանին գտնուող Ալսուխնա գիւղաքաղաքի ազատագրումն է: Այս գիղաքաղաքը Սուրիոյ ծայրայեղականներու վերջին ամենամեծ կեդրոնը կը համարուի, եթէ Ռաքքայի մէջ կորսնցնեն իրենց զօրութիւնը:

Քանի մը օր առաջ սուրիական բանակը եւ Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող զինակից ուժերը յայտարարեցին, որ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են Հին Թատմորի հիւսիս-արեւելքը՝ վերատիրանալով  Ղազ Ալ Հիլի հանքին,  որ  կը գտնուի Ալսուխնէէն 18 քլմ.  հեռաւորութեան վրայ: