image

Մեծ քանակութեամբ ամերիկեան ուժեր Իրաքէն Սուրիա մտած են

Մեծ   քանակութեամբ ամերիկեան ուժեր  Իրաքէն  Սուրիա   մտած  են

«Ալ-Մայատին»   կայանի   փոխանցմամբ  պատկանող աղբիւր մը կը տեղեկացնէ թէ աւելի քան 150 ամերիկեան ռազմական փոխադրամիջոցներ  իրենց  անձնակազմերով՝ Իրաքի հողամասէն մտան Սուրիա անցնելով երկու երկիրներու սահմաններուն միջեւ գտնուած «Ֆէշխապոր» մուտքէն:

Աղբիւրը նաեւ նշեց նաեւ, թէ քաղաքացիական ինքնաշարժեր եւ առաջին անգամ ըլլալով, ամերիկեան բանակին պատկանող 5 Աբաջի ուղղաթիռներ ալ մաս կազմեցին փոխադրամիջոցներուն:

Տեղեկատուութիւնները յայտնաբերեցին, որ ամերիկեան, անգլիական եւ յորդանանեան ռազմական ուժեր հաւաքուած  են  Սուէյտա եւ Տարհա քաղաքներուն սահմանի հարաւ կողմը:

Ռազմական ուժը բաղկացած էր՝ անգլիական «Ջալենճր» թանկերէ, 2300 զինեալներէ, «Գոպրա» եւ «Պլաք Հոք» ուղղաթիռներէ, եւ մօտ 4000 Յորդանանի մէջ մարզուած զինեալներէ  այս  պահուն կը  գտնուին   Սուրիոյ «Ալ Թանաֆ» շրջան: