image

PKK-ի դէմ մարտերուն 7 թուրք զինուոր սպաննուած է

PKK-ի դէմ մարտերուն 7 թուրք զինուոր սպաննուած է

Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան քանի մը նահանգներուն մէջ, թուրք ուժայիններու եւ «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան» (PKK) զինեալներու միջեւ բախումներու ընթացքին, սպաննուած են Թուրքիոյ ուժային կառոյցներու 7 զինուորներ, մինչ 19 ուրիշներ վիրաւորուած: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրիէթ» պարբերականը, նշելով, որ անցեալ շաբաթուայ ընթացքին՝ 8-15 յունիս, թրքական բանակը քրտական կառոյցի դէմ, գործողութիւններ իրականացուցած է, երկրի հարաւ-արեւելեան Շրնաք, Հաքքարի, Տիարպէքիր, Մարտին եւ արեւելեան Պինկէօլ, Էլազիկ նահանգներուն մէջ:

Թրքական կողմի տուալներուն համաձայն՝ գործողութիւններու ընթացքին սպաննուած են PKK-ի 60 զինեալ:

Նշենք, որ 2017-ի գարունէն սկսեալ թուրք-քրտական բախումները շատցած են. բացի Թուրքիոյ տարածքէն, թրքական բանակը, քրտական կառոյցի դէմ գործողութիւններ կ՛իրականացնէ նաեւ Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, ուր կը գտնուին PKK-ի հիմնական ուժերը եւ թաքստոցները: