image

Իրանի առաջնորդ Ալի Խամենէին մասնակցած է նախագահի քուէարկութեան

Իրանի առաջնորդ Ալի Խամենէին մասնակցած է նախագահի քուէարկութեան

Իրանի Իսլամական հանրապետութեան մէջ այսօր նախագահական ընտրութիւններ են: Ժամը ութէն բոլոր քաղաքներու ընտրամասերը իրենց դռները բացած են ժողովուրդի առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Մայատին» կայանը:

Իրանի առաջնորդ Ալի Խամանին  նաեւ  քուէարկութեան մասնակցած է եւ ըսած է. «Նախագահական ընտրութիւնները շատ կարեւոր են եւ ժողովուրդը պէտք է զգօն ըլլայ»:

Այս անգամ նախագահական ընտրութիւններու մասնակցած են 4 թեկնածուներ` Հասան Րուհանի, Իպրահիմ Րաիսի, Մուսթաֆա Հաշիմի Թպպա, Մուսթաֆա Միր Սալիմ: