image

Times Square-ի արկածին հետեւանքով վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 23 -ի

Times Square-ի  արկածին հետեւանքով վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 23 -ի

ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքի «Թայմզ Սքուէր» հրապարակին վրայ տեղի ունեցած վրաերթի պատահարի հետեւանքով վիրաւորներու թիւը հասած է 23-ի: Այս մասին կը յայտնէ The Independent-ը` մէջբերելով Նիւ Եորքի ոստիկանութեան տուեալները, 

Յիշեցնենք, որ երէկ, նշեալ հրապարակին մօտ մարդատար մեքենան մեծ արագութեամբ ընթացած էր փողոցի մարդաշատ մայթի ուղղութեամբ: Պատահարի հետեւանքով երիտասարդ կին մը մահացած է: 

Նիւեորքեան ոստիկանութեան հաղորդմամբ` մեքենան կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը` գտնուելով զբօսաշրջային կեդրոնի հարեւանութեամբ: Ականատեսներէն մէկուն խօսքով` մեքենան ընթացած է երթեւեկութեան հոսքին հակառակ եւ բախուած է անցորդներուն:

Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է վարորդը, որ ըսած է, թէ տարօրինակ ձայներ լսած է, կարծելով, որ պիտի մահանայ, այդ պատճառով ալ կորսնցուցած է ինքնակառավարումը:


Ինչպէս յայտնի դարձած է, վարորդը 26-ամեայ ԱՄՆ քաղաքացի Ռիչարտ Ռոխասն է: