image

Արեւմտեան դաշնակից ուժեր հարուածած են սուրիական բանակի մէկ շարասիւնը

Արեւմտեան դաշնակից ուժեր հարուածած են սուրիական բանակի մէկ շարասիւնը

Հինգշաբթի օր Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը հարուածած է սուրիական բանակին աջակցող զինեալ խմբաւորում մը: Այս մասին Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան:

Փենթակոնի աջակցութիւնը վայելող ընդդիմադիր Մաղաուիր Սաուրա խմբաւորման պաշտօնատարներէն Մազահիմ Սալլում նախապէս «Ռոյթըրզ»¬ին յայտնած էր, որ Միջազգային ուժերու օդանաւերը հարուածած են սուրիական բանակի եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումի մը շարասիւնը, որ կ՛ուղղուէր Սուրիոյ հարաւը գտնուող Թանաֆ ռազմակայան, ուր կը գտնուին ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր` աւելցնելով, որ շարասիւնը կը գտնուէր ռազմակայանէն 27 քիլոմեթր հեռու, երբ Միջազգային դաշինքի օդուժը զայն հարուածած էր: