image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ Ռուսաստանէն թոներով օգնութիւն կը ստանայ

Հալէպ Ռուսաստանէն թոներով օգնութիւն կը ստանայ

Սուրիոյ մէջ հաշտեցման ռուսական կեդրոնը յայտարարած է, որ չորեքշաբթի օր, 24 ժամուան ընթացքին, 6 թոն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է Սուրիոյ Հալէպ նահանգին:

Ռուսական կեդրոնի յայտարարութեան մէջ գրուած է, որ «վերջին 24 ժամուան ընթացքին, ռուսական կեդրոնը 5 մարդասիրական գործողութիւններ ծաւալած է Հալէպի մէջ»:

Կեդրոնը նշած է, որ 6 թոն խմելու ջուր բաժնած է բնակչութեան: Օգնութիւնը տրամադրուած է 1883 անձի:

Կը նշուի նաեւ, որ ռուսական օդանաւը օդապարիկներով ՄԱԿ-ի կողմէ 21 թոն մարդասիրական օգնութիւն իջեցուցած է Տէր Զօրի մէջ: