image

Սահմանադրական հանրաքուէէն 2 օր անց Փութին շնորհաւորած է Էրտողանը

Սահմանադրական հանրաքուէէն 2 օր անց Փութին շնորհաւորած է Էրտողանը

18 Ապրիլին Ռուսասիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է:

«CNN Türk» լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնոէ, որ Փութին շնորհաւորած է Էրտողանը 16 ապիրիլին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքներու կապակցութեամբ:

Երկու նախագահները խօսած են ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի մասին: Կողմերը ընդգծած են Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համատեղ աշխատանքներու կարեւորութիւնը սուրիական ճգնաժամի վերաբերեալ:

Թրքական աղբիւրը նաեւ նշած է, որ աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով, լրագրողներու հարցին, թէ արդեօք Փութինը շնորհաւորած է Էրտողանը սահմանդրական հանրաքուէի կապակցութեամբ, ան ըսած էր.«Եթէ նախագահներու միջեւ հեռախօսազրոյց տեղի ունենայ, մենք ձեզ տեղեակ կը պահենք»: