image

Ռուսաստան կը շարունակէ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկել Հալէպ եւ Լաթաքիա

Ռուսաստան կը շարունակէ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկել Հալէպ եւ Լաթաքիա

Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ, 3000 սուրիացի քաղաքացիներու, մէկ օրուան մէջ 3,6 թոն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրուած է: Այս մասին յայտարարած է օգնութիւն տրամադրող՝ Սուրիոյ մէջ հաշտութեան ռուսական կեդրոնը:

Ռուսական կեդրոնի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է.«Վերջին 24 ժամուան ընթացքին, հաշտեցման ռուսական կեդրոնը 7 մարդասիրական գործողութիւններ իրականացուցած է Հալէպի  (6 հատ) եւ Լաթաքիոյ (1 հատ) մէջ»:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ 1.8 թոն հաց եւ 3 հազար տաք սնունդ բաժնուած է Հալէպի ժողովուրդին, եւ 1,2 թոն պարենային օգնութիւն՝ Լաթաքիոյ մէջ: