image

Ըստ Փաշինեանի Հայաստանի մէջ քաղաքացիական բախումներ պիտի չըլլան

Ըստ Փաշինեանի Հայաստանի մէջ քաղաքացիական բախումներ պիտի չըլլան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի ուղիղ եթերով յայտնեց, որ 1 մարտի ժամը 18։30-ին հանրահաւաք պիտի կազմակերպուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ:

Փաշինեանը տեղեկացուցած է, որ «Մարտի 1-ի» խորհրդանշական օրը կայանալիք այդ հանրահաւաքով «պէտք է վերահաստատենք մեր հանրութեան եւ ժողովրդի հաստատակամութիւնը՝ պաշտպանելու քաղաքացիական, ժողովրդավարական, սահմանադրական կարգը Հայաստանում եւ ժողովրդական իշխանութիւնը»։ «Ի հարկէ, ես կանդրադառնամ «Մարտի 1-ի» դատավարութեանը»,- հաւաստած է Փաշինեան՝ նկատելով, որ պիտի անդրադառնայ նաեւ ռազմական յեղաշրջման փորձին եւ ՀՀ նախագահի՝ 27 մարտին կայացուցած որոշման՝ վարչապետի առաջարկով ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետը պաշտօնէն չազատելու վերաբերեալ։ «Ես ի ցոյց կը դնեմ, որ այդ որոշումը բացարձակապէս անհիմն է»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը։

Անդրադառնալով քաղաքացիական բախումներու հնարաւորութեան մասին խօսակցութիւններուն՝ ՀՀ վարչապետը հաւաստեց, որ Հայաստանի մէջ այլեւս քաղաքացիական բախումներ եւ նոր «մարտի 1»-եր պիտի չըլլան, որ պէտք է ի ցոյց դրուի 1 մարտի հանրահաւաքին մասնակցութեամբ։ 

Փաշինեան նկատած է, որ հանրահաւաքին «Մարտի 1»-ի գործին պիտի անդրադառնայ «Հոկտեմբերի 27»-ի հետ զուգահեռներով եւ համեմատութիւններով։

Ան աւելցուցած է, որ պիտի անդրադառնայ դատական ոլորտին մէջ ընելիքներուն, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի խնդիրներուն։

Փաշինեանի խօսքով՝ շարք մը քաղաքական ուժեր պիտի հրաւիրուին մասնակցելու եւ ելոյթ ունենալու հանրահաւաքին, որպէսզի հանրահաւաքը ծառայէ երկու նպատակներու. առաջինը, որ ի ցոյց դրուի, որ Հայաստանի մէջ կայ ուժեղ հանրութիւն, որ կառավարութիւն ձեւաւորելու իր իշխանութիւնը կրնայ պաշտպանել, եւ երկրորդը՝ Հայաստանի մէջ մարտ 1-երու եւ քաղաքացիական բախումներու էջերը փակուած են այն առումով, որ նման դէպքերու կրկնութիւնը բացառուած է։

Վարչապետը յայտնեց, որ հանրահաւաքի ժամանակ խօսք պիտի ըլլայ ներքին քաղաքական իրավիճակի հնարաւոր զարգացումներու, գերիներու խնդիրներուն, եւ հանրահաւաքը պիտի աւարտի երթով։