image

«Սասնայ ծռեր»ու գործ.9 անձերու դէմ բանտարկութեան դատավճիռ

«Սասնայ  ծռեր»ու գործ.9 անձերու  դէմ   բանտարկութեան դատավճիռ

Այսօր  Դատախազ  Մեսրոպ Մակեանի  կողմէ հրապարակուած է «Սասնայ ծռեր»ու դատավճիռը։ Այս մասին տեղեկութիւն քաղեցինք  Shant news-էն։

 Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ  գործի չորս տարի տեւած քննութիւնէն ետք բանտարկութեան վճիռ հրապարակուած Պաւէլ Մանուկեանին, Վարուժան Աւետիսեանին Մխիթար Աւետիսեանին, Գագիկ Եղիազարեանին, Արմէն Պիլեանին, Սմբատ Բարսեղեանին, Արեգ Կիւրեղեանին, Սեդրակ Նազարեանին, եւ Էտուարտ Գրիգորեանին դէմ, իսկ Արայիկ Խանդոյեանին հանդէպ առկայ դատավիճիռը մահուան հանգամանքով կարճուած է։

 

Յիշեցնենք, որ «Սասնայ ծռեր» անունով յայտնի գործողութեամբ խումբ մը զինուած քաղաքացիներ 2016 թուականի ամրան գրաւած էին ՀՀ ՊՊԾ գունդի կեդրոնատեղին եւ որոշ ժամանակով իրենց տիրապետութեան տակ պահած էին ոստիկանական այդ կառոյցը։

 

 Գրաւման օրերուն եղած էին կրակոցներ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած էին ՀՀ ոստիկանութեան անդամներ։