image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ ԱԱԾ-ի նախկին ղեկավարը ինքնասպան եղած է. Վարկածը հաստատուեցաւ

ՀՀ ԱԱԾ-ի նախկին ղեկավարը ինքնասպան եղած է. Վարկածը հաստատուեցաւ

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մահուան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործը չէ կարճուած, լրագրողներուն ըսած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ-յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Արթուր Մելիքեանը:

Մելիքեանը նշած է, որ Քննչական կոմիտէն չէ պնդած, թէ Կէորկի Կուտոյեանին հասցուցած են ինքնասպանութեան, պնդած է, որ քրէական գործը յարուցուած է ինքնասպանութեան հասցնելու առերեւոյթ դէպքի առթիւ, որովհետեւ այդ պահուն այլ յօդուածով  չէր կրնար գործ յարուցել:

«Կասկածեալներ, մեղադրեալներ չունենք։ Նախաքննութիւնը շարունակւում է. այս պահին ինքնասպանութեան հասցնողներ չունենք, իսկ գործի հետ կապուած, եթէ հարազատները կը դիմեն, որ տուեալներ հրապարակենք, մեծ սիրով կը հրապարակենք»,- ըսած է ան:

Հարցին, թէ նոր հանգամանքներ այդ գործով ի յայտ եկա՞ծ են, Մելիքեանը նշած է, որ հաստատապէս հիմնաւորուած է, որ ինքնասպանութեան դէպք տեղի ունեցած է, ոչ միայն քննչական գործողութիւններու արդիւնքներով, այլ նաեւ փորձաքննութեան:

Մելիքեանը շեշտած է, որ Կուտոյեանի իրաւայաջորդները դեռ անցեալ տարի դիմում ներկայացուցած են վարոյթ իրականացնող մարմնին, որպէսզի գործի վերաբերեալ տուեալներ չհրապարակուին։

Յիշեցնենք, որ Կէորկի Կուտոյեանի հետ կապուած դէպքը տեղի ունեցած էր 2020 թուականի 17 յունուարին: