image

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախկին փոխնախարար Սամուէլ Գալստեանը

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախկին փոխնախարար Սամուէլ Գալստեանը

«Քորոնա» ժահրով վարակուելու հետեւանքով 72 տարեկան հասակին մահացած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախկին փոխնախարար Սամուէլ Գալստեանը։ Այս մասին տեղեկացուցած է Սամուէլ Գալստեանի փաստաբան Վաչագան Քոսեանը։

Նշենք, որ նախկին փոխնախարարը ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ միւսներու գործով ունէր ամբաստանեալի կարգավիճակ։

1984-1991 թուականներուն Քաղցրաշէնի կոլտնտեսութեան վարչութեան նախագահն էր, 1989-1991 թուականներուն՝ ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի ժողովրդական պատգամաւոր։

2001 թուականին նշանակուած է Արարատի մարզպետի տեղակալ։ 2003-2016 թթ. աշխատած է որպէս ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ, 2016 թուականին ազատուած է զբաղցուցած պաշտօնէն իր դիմումի համաձայն։


Լուրը՝NEWS.am-էն