image

Ատրպէյճան խախտած է հրադադարը. Ունինք մէկ վիրաւոր

Ատրպէյճան խախտած է հրադադարը. Ունինք մէկ վիրաւոր

 Ատրպէյճան կոպտօրէն խախտած է հրադադարը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Արցախի կեդրոնական հատուածին ուղղութեամբ եղած կրակոցին պատճառով մէկ զինուոր ծանրօրէն վիրաւորուած ու փոխադրուած է հիւանդանոց։

 Վիրաւորուածը ենթարկուած է գործողութեան եւ կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ։