image
Հրատապ լուրեր:

Նայիրա Զոհրապեանը այսուհետեւ ԱԺ յանձնաժողովի նախագահը չէ. «Իմ Քայլը» դադրեցուց իր լիազօրութիւնները

Նայիրա Զոհրապեանը այսուհետեւ ԱԺ յանձնաժողովի նախագահը չէ. «Իմ  Քայլը» դադրեցուց իր լիազօրութիւնները

29 Դեկտեմբերին ԱԺ արտահերթ նիստին իշխող «Իմ քայլը» դաշինքը միաձայն կողմ քուէարկեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու խորհրդարանական մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանի լիազօրութիւններու դադարեցման հարցին:

Այս նախաձեռնութեան օգտին քուէարկեց 78 խորհրդարանական, դէմ՝ 4:

Նշենք, որ «Լուսաւոր Հայաստան», «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները եւ ինքը՝ Նայիրա Զոհրապեանը խորհրդարանի արտահերթ նիստը պոյքոթած են:

ԱԺ-ի մէջ, մասնաւորապէս, մէջբերումներ կատարուած են Զոհրապեանի Facebook-եան էջի որոշ գրառումներէ, որոնց մէջ, իշխող մեծամասնութեան կարծիքով, յայտարարութիւններ կան, որոնք կը նուաստացնեն եւ կը վիրաւորեն Սահմանադրութեամբ ամրագրուած բարձրագոյն արժէք համարուող մարդու արժանապատւութիւնը: Ուստի իշխող «Իմ քայլը» դաշինքի կարծիքով՝ Նայիրա Զոհրապեանը չի կրնար ըլլալ մշտական ​​խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ, որուն գործունէութեան առանցքային պահը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է: