image

Պատգամաւորութենէն հրաժարելէ ետք Արգիշտի Մեխակեանը պիտի դառնայ Արմաւիրի փոխ մարզպետ

Պատգամաւորութենէն հրաժարելէ ետք Արգիշտի Մեխակեանը պիտի դառնայ Արմաւիրի փոխ մարզպետ

ԱԺ «Իմ քայլ»-ը խմբակցութեան մանտաթը վար դրած պատգամաւոր  Արգիշտի Մեխակեանը պիտի նշանակուի Արմաւիրի մարզպետի տեղակալ: Այս մասին ան տեղեկացուցած է իր դիմատետրեան էջին:

«Աւելացնեմ նաեւ, որ աշխատանքային գործունէութիւնս կը շարունակեմ իմ հարազատ մարզում` Արմաւիրում, որպէս մարզպետի տեղակալ»,- որպէս յետգրութիւն գրած է ան իր դիմատետրեան էջին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ։

Նշենք, որ Արգիշտի Մեխակեանը Արցախը ազատագրած անուանի հրամանատար Մեխակ Մեխակեանի որդին է: