image
Հրատապ լուրեր:

Կարեւոր. Ընդդիմութեան թեկնածուն Վազգէն Մանուկեանն է

Կարեւոր. Ընդդիմութեան թեկնածուն Վազգէն Մանուկեանն է

 

Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդը նիստ գումարած է: Նիստին որոշում կայացուած է, որ վարչապետի միասնական թեկնածուն Վազգէն Մանուկեանն է:
 Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ Մանուկեանը իր անցած ճանապարհով, կենսագրութեամբ, հմտութիւններով այն մարդն է, որ երկրին մէջ կը ստեղծէ հանդարտութիւն, կայունութիւն, կը կարողանայ առաջիկային արտահերթ թափանցիկ ու արդար ընտրութիւններ կազմակերպել:
 «Ան այն թեկնածուն է, որ կրնայ յաղթահարել երկրի առաջ ծառացած մարտահրաւէրները՝ իր գլխաւորութեմաբ գործող ժամանակաւոր կառավարութեամբ», - նշած է Սաղաթէլեանը՝ աւելցնելով, որ արտահերթ ընտրութիւններուն Վազգէն Մանուկեանը պիտի չառաջադրուի: