image

Նոյեմբերի 28-ին դուրս պիտի բերուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը

Նոյեմբերի 28-ին դուրս պիտի բերուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնն այս տարի պիտի տօնախմբեն 28 նոյեմբերին: Առաքեալներու տօնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով դեռ 2015 թուականին հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր:

Տօնին Մայր Աթոռի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ: Ս. Պատարագի սկիզբը` ժամը 10:30-ին:

Այս առիթով դուրս պիտի բերուի եւ Ս. Պատարագի ընթացքին տաճարին մէջ պիտի մնայ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուող Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը:

Աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հրաշագործ Սուրբ Գեղարդով պիտի օրհնէ ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդը եւ հայրենի մեր երկիրը: