image

Մոնթէի ծննդեան օրը յանձնուեցաւ անոր ազատագրած Քարվաճառը

Մոնթէի ծննդեան օրը յանձնուեցաւ անոր ազատագրած Քարվաճառը

Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած համաձայնագրով 25 նոյեմբերին Քարվաճառի շրջանը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին։  20 Նոյեմբերին Ատրպէյճանին յանձնուած է Աղտամի շրջանը, իսկ մինչեւ 1 դեկտեմբերը պէտք է յանձնուի Լաչինի շրջանը։ 

Այժմ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կապող միակ ճանապարհը կ'անցնի Գորիս-Բերձոր հատուածով։

Քարվաճառի շրջանը Ատրպէյճանին յանձնուեցաւ այն ազատագրած հերոսներէն մէկուն՝ Մոնթէ Մելքոնեանի ծննդեան օրը:

Այսօր Մոնթէն պիտի դառնար 63 տարեկան: Ան զոհուած է 12 յունիս 1993-ին՝ Աղտամի շրջանի Մարզիլի գիւղին մէջ: