image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Սարգսեան արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու կոչ ըրաւ

Նախագահ Սարգսեան արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու կոչ  ըրաւ

Սիրելի հայրենակիցներ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ,

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը ներկայիս կ'ապրի մեր ազգի հազարամեայ պատմութեան ամենաշրջադարձային պահերէն մէկը։

Այն նպատակները, որոնց ազգովի կը ձգտէինք մայր հայրենիքի բաղձալի անկախացումէն ետք, սասանուած են։

Մենք պարտուեցանք մեզի պարտադրուած պատերազմին՝ ինչպէս ռազմի դաշտին մէջ, այնպէս ալ դիւանագիտական եւ միջազգային հանրային հարթակներու վրայ:

Կրկին կը ցաւակցիմ զոհուածներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում:

Մենք զաւակներն ենք Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ յաղթահարած ժողովուրդի:

Կարելի է պարտուիլ ճակատամարտը, բայց անթոյլատրելի է պարտուիլ որպէս ազգ:

Սեփական ձեռքերով վառած տունը եւ կորսնցուցած հայրենիքը կարելի է վերականգնել միայն մէկ ձեւով՝ վերագտնելով մեր յաղթանակը եւ կառուցելով այն պետութիւնը, որով բոլորս իրապէս հպարտ կ'ըլլանք:

Եւ մենք այդ վստահաբար կրնանք ընել՝ սթափ գնահատելով իրավիճակը, դասեր քաղելով թոյլ տրուած սխալներէն եւ համախմբուած լծուելով ազգային վերածնունդին։

Ինչպիսին ալ ըլլան անցեալի վերաբերեալ մեր գնահատականներու տարբերութիւնները, ակնյայտ է, որ յայտնուած ենք աննախադէպ խնդիրներու առջեւ:

Արցախը ծանր վիրաւոր է:

Ունինք ալեկոծուած հասարակութիւն:

Վիրաւոր տնտեսութիւնը ծանրաբեռնուած է ընկերային վիթխարի խնդիրներով:

Արցախէն Հայաստան տեղափոխուածներու մեծ հոսքի հետեւանքով առկայ է մարդասիրական աղէտ:

Չափազանց բարդ է նաեւ համաճարակով պայմանաւորուած իրավիճակը:

Ի վերջոյ, խոցուած է հայու ոգին՝ աշխարհի որեւէ անկիւն։

Մեր երկիրը այսօր այլեւս այն երկիրը չէ, որ ունէինք 26 սեպտեմբերին, եւ նոյնիսկ այն չէ, ինչ ունէինք 8 նոյեմբերին:

Մենք չենք կրնար անտեսել այս իրականութիւնը եւ շարունակել ապրիլ սովորական կեանքով։

Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին, պահի հրամայականին համահունչ, քաղաքական խորհրդակցութիւններ եւ քանի մը տասնեակ հանդիպումներ ունեցած եմ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու ու անհատներու հետ: Հեռախօսազրոյցներ ունեցած եմ Սփիւռքի տարբեր կառոյցներու եւ մեր հայրենակիցներու հետ:

Հանդիպման մասնակիցներու բացարձակ մեծամասնութիւնը համակարծիք են մէկ հարցի շուրջ Սահմանադրութեան համապատասխան վարչապետի հրաժարական կամ պաշտօնավարման դադարեցում եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Ակնյայտ է, որ հակառակ պատերազմի դադարեցման, Արցախի Հանրապետութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ողջ հայ ժողովուրդը կը թեւակոխեն նոր փորձութիւններու շրջան, որուն մէջ իւրաքանչիւր սխալ կրնայ աղիտալի հետեւանքներ ունենալ:

Ստեղծուած իրավիճակի մէջ հայ ժողովուրդի համար այլընտրանք չկայ, քան ըլլալ միասնական եւ համախմբուած:

Այս օրերուն մեզմէ իւրաքանչիւրը, յատկապէս քաղաքական գործիչները եւ պետական պաշտօնեաները պէտք է դրսեւորեն բարձր պատասխանատւութիւն եւ զսպուածութիւն՝ ջանքերը կեդրոնացնելով բացառապէս ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու ուղիներ փնտռելու վրայ:

Այս իրավիճակին մէջ կ'ուզեմ դիմել իրաւապահ մարմիններուն:

Դուք այսօր շատ մեծ պատասխանատւութիւն ունիք՝ նախ եւ առաջ մեր երկրին մէջ ապահովելու կարգուկանոն, ըլլալու ամուր, վճռական, բայց, միեւնոյն ժամանակ, իւրաքանչիւր անգամ, իւրաքանչիւր առիթով յիշելով, որ ձեր դիմաց ձեր քոյրն է կամ եղբայրը:

Որեւէ շեղում, օրէնքի եւ օրինականութեան որեւէ խախտում, անընդունելի եւ աններելի է: Կոչ կ'ընեմ ձեզի՝ պահպանելու ու պաշտպանելու օրէնքը եւ օրինականութիւնը:

Հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու հետեւանքով ձեւաւորուած իմ դիտարկումները հետեւեալն են՝

Հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը եւ այն արժանապատուօրէն յաղթահարելու հրամայականը, ականջալուր ըլլալով հանրային պահանջին, ակնյայտ է, որ երկիրը ցնցումներէ զերծ պահելու համար ի վերջոյ անխուսափելի պիտի ըլլան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները:

Այս պարունակին մէջ, իմ կարծիքով, միակ պատասխանատու մօտեցումը կրնայ ըլլալ կառավարութեան եւ իշխող քաղաքական ուժի կողմէ սեփական ներուժը առարկայական գնահատելը եւ սեղմ ժամկէտի մէջ ճանապարհային քարտէզ ներկայացնելը, որով կը նախատեսուին համապատասխան սահմանադրական գործընթացներու նախաձեռնման ժամկէտները, որոնց հետեւանքով հնարաւոր կը դառնայ իրականացնել Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ, իսկ մինչ այդ կառավարումը կը յանձնուի բարձր որակաւորում ունեցող Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան ու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող ողջ հայ ժողովուրդի համար այս դժուարին օրերուն ճգնաժամը յաղթահարելուն ուղղուած իմ վերոնշեալ դիտարկումները կը բխին բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերէ:

Յոյսով եմ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կը գիտակցին պահի պատասխանատւութիւնը եւ արժանապատուօրէն կ'իրականացնեն պատմական առաքելութեան իրենց մասը։

Կ'ուզեմ յիշեցնել, որ այսօր Հայաստանին կը հետեւին բոլորը՝ թէ՛ մեր բարեկամները, եւ թէ՛ մեր թշնամիները:

Մենք ուրիշ պարտականութիւն չունինք, բացի մեր երկիրը հզօրացնելը:

Մենք ուրիշ ճանապարհ չունինք, բացի ժողովուրդը համախմբելը՝ տուրք չտալով հասարակութեան պառակտման վտանգ պարունակող որեւէ խօսքի եւ քայլի:

Միայն միասնականութեամբ կը կարողանանք պարտութեան բեռի տակ ճկուած վիճակէն ուղղել մեր մէջքը, եւ թէ՛ մեզ, թէ՛ ապագայ սերունդներուն ու համաշխարհային հանրութեան ներկայանալ որպէս զաւակներն այն ժողովուրդի, որուն յաղթելն անհնարին է:

Վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը պատուով եւ յաղթական դուրս կու գայ ստեղծուած դժուարին իրավիճակէն:

Աստուած պահապան բոլորիս: