image

Փաշինեանի կառավարութիւնը դէպի գահավիժո՞ւմ. Միջազգային մամուլի արձագանգը

Փաշինեանի կառավարութիւնը դէպի գահավիժո՞ւմ. Միջազգային մամուլի արձագանգը

Eadaily լրատուականը ամփոփ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ  միջազգային մամուլի ամենատարբեր արձագանգները:

Մասնաւորապէս BBC-ն, Ղարաբաղի հարցով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները բնորոշած է որպէս «Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ գործարք` Հայաստանի հաշուոյն»:  Միեւնոյն ժամանակ, նոյն աղբիւրը այդ փաստաթուղթը բնորոշած է որպէս «Ռուսաստանի աշխարհաքաղաքական պարտութիւն»:

Գերմանական Deutsche Welle պարբերականը նշած է, որ «Քրեմլը կը փորձէ Հարաւային Կովկասի մէջ իր պարտութիւնը որպէս յաղթանակ մատուցել»:

Կան նաեւ միջազգային այլ լրատուամիջոցներ, որոնց բնորոշումները կը տարբերին վերը նշուածներէն:

Արաբական Aljazeera հրատարակութիւնը հռետորական հարց կու տայ. պատերազմը իսկապէ՞ս աւարտած է: Ընդամէնը 40 օրուայ ընթացքին Ատրպէյճանը ստացաւ այն, ինչի համար պայքարած էր գրեթէ 30 տարի՝ տարբեր դիւանագիտական համաժողովներում: Մինչ Ատրպէյճանի ամբողջ հանրութիւնը պատրանքի մէջ կը նշէ «քափիթուլացիան», երկու տասնեակ ռուսական օդանաւեր խաղաղապահներ կը մտցնեն տարածաշրջան, իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը կ'իյնայ քաղաքական անդունդը, ուրկէ կրնայ երբեք դուրս չգալ:

Գերմանական Frankfurter Allgemeine Zeitung պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ վերլուծաբան Ռէյնհարտ Ֆեզէրը կարծիք յայտնած է, որ աւարտած այս պատերազմին միակ յաղթողը Փութինն է, իսկ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը այժմ շատ աւելի հեռու են վերջնական խաղաղութենէն, քան սեպտեմբերին էին:

Ամերիկեան New York Times-ը Ռուսաստանի յատուկ յաջողութիւններ չի տեսներ: Ըստ պարբերականի, պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցաւ տարածաշրջանային ուժերու վերադասաւորում: Ռուսաստանն ու Թուրքիան ազդեցիկ միջնորդ դարձան, իսկ Անգարան սատարեց յաղթանակած ատրպէյճանցիներուն:

 

 

Նիւթը ՝ «Թերթ.ամ»էն