image

Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ

Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ

23 Հոկտեմբերին աշխատանքային այցով Միացեալ Նահանգներ գտնուող ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Էնտրիւ Շոֆերի (ԱՄՆ), Ստեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկի հետ:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ տիրող իրադրութեան: Նախարար Մնացականեան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ՝ 10 եւ 17 հոկտեմբերին կրակի դադարեցման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու տապալման առնչութեամբ եւ ընդգծեց, որ հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու Ատրպէյճանի նկրտումները մարտահրաւէր են ողջ տարածաշրջանի համար:

Կողմերը վերահաստատեցին ռազմական գործողութիւններու դադարեցման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ ստուգման մեքենականութիւներով պահպանուող կայուն հրադադարի անյապաղ հաստատումը: Ընդգծուեցաւ բացառապէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջածիրէն ներս խաղաղ գործընթացը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ-ն: