image
Հրատապ լուրեր:

Զինադադար ստիպելու համար ունինք ընդամէնը մէկ ճանապարհ՝ պարտադրել զինադադար. Արայիկ Յարութիւնեան

Զինադադար ստիպելու համար ունինք ընդամէնը մէկ ճանապարհ՝ պարտադրել զինադադար. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը տեսաուղերձով դիմած է հայ ժողովուրդին: Խօսած է 27 սեպտեմբերէն Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչութեան կողմէ Արցախի դէմ սկսած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւնները շարունակելու մասին, նշած է, որ Պաշտպանութեան բանակը այդ ընթացքին շարունակած է հերոսաբար դիմադրել եւ ուժգին հակահարուածներ հասցնել թշնամիին՝ պատճառելով անոր մարդկային ու ռազմական սարքերու կորուստներ: Յարութիւնեանը խօսած է մարտերու ընթացքին իրենց լաւագոյնս դրսեւորած Մայր Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ժամանած մեր հայրենակիցներուն, հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած եւ պատերազմական հարուստ փորձ ունեցող մեր ընկերներուն, նաեւ ժամկէտային հերոս երիտասարդներուն մասին:

«Մենք կը տեսնենք նաեւ ՌԴ եւ միջազգային հանրութեան աշխոյժ ջանքերը պատերազմական գործողութիւններու դադարեցման ուղղութեամբ եւ բարձր կը գնահատենք այդ առաքելութիւնը: Վերջերս եռակողմ ձեւաչափով տեղի ունեցած է հանդիպում Մոսկուայի մէջ ՌԴ նախագահի նախաձեռնութեամբ եւ յայտարարութիւն պիտի կատարուի գոնէ մարդասիրական հրադադարի հետ կապուած եւ հետագային բանակցութիւնները վերսկսելու համար: Բայց ի՞նչ տեղի ունեցած է: Հակառակը, հակառակորդը օգտուելով առիթէն, արդէն այդ յայտարարութեան յաջորդ օրէն սկսած է աւելի հուժկու մարտական գործողութիւններ ճակատի համարեայ ամբողջ երկայնքով՝ մանաւանդ հարաւային ուղղութեամբ, եւ հակառակորդը յաջողած է ինչ-որ տեղ մխրճուիլ, ինչ-որ տեղ ունենալ առաւելութիւններ եւ օր օրի ճակատը տեղափոխել աւելի խոր տարածքներ, կը հասկնանք, որ զինադադար ստիպելու համար ունինք ընդամէնը մէկ ճանապարհ՝ պարտադրել զինադադար»,- նշած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Մենք կողմ ենք առանց նախապայմաններու սկսելու մեր մարդասիրական ստանձնած առաքելութեան առումով պատասխանատւութիւնը եւ հետագային սկսիլ բանակցութիւնները խաղաղ ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ, չնայած արդէն իսկ անհնարին է, բայց ուշ չէ: Հակառակորդը ընտրած է այլ ճանապարհ. ընտրած է ոչ թէ ղարաբաղեան խնդրի լուծման ճանապարհը, այլ բնաջնջելու առաջին հերթին արցախահայութիւնը, յետոյ յաջողութեան պարագային նաեւ՝ Հայաստանը»,- ըսած է նախագահը:

Ան նշած է, որ այդ ձեռագիրը կը տեսնենք, մենք աւելի ծանր ժամանակներ ալ ունեցած ենք, 92-94 թուականներուն, բայց յաջողած ենք յաղթել, որովհետեւ կը հաւատայինք յաղթանակին, ըսած է ան եւ կոչ ըրած.

«Այսօր ալ կը հաւատանք, որ պիտի յաղթենք, մեզի պէտք է միաւորուիլ եւ մասնակցիլ մարտական գործողութիւններու, կ'ակնկալեմ իմ եղբայրներու աշխոյժ մասնակցութիւնը, Սփիւռքի մէջ ապրող ղարաբաղցիներու, Հայաստանի մէջ ապրող եղբայրներու, օրհասական պահն է այսօր, հայրենիքը պահելու եւ չպահելու, պատուով ապրելու՝ փոխարէնը անպատիւ ապրելէ հրաժարելու, ատոր համար կոչ կ'ընեմ ոչ միայն նիւթական, որ շատ կարեւոր է, շնորհակալութիւն բոլորիդ, այլեւ ֆիզիքական մասնակցութեան, մենք ատոր կարիքը կը զգանք: Մենք պիտի յաղթենք»,- կոչ ըրած է Արայիկ Յարութիւնեանը: