image
Հրատապ լուրեր:

Գլխաւոր գործօնը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան խելքի բացակայութիւնն է. Արցախի նախագահ

Գլխաւոր գործօնը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան խելքի բացակայութիւնն է. Արցախի նախագահ

Հայկական կողմը Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու 4 օրերուն ընթացքին խոցած է թշնամիի գրեթէ այնքան զրահամեքենայ, որքան Արցախեան պատերազմի ողջ ընթացքին: Այս մասին կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«4 օրուան ընթացքին զարնուած է գրեթէ այնքան թշնամական սարք, որքան Արցախեան պատերազմի ժամանակ»,- ըսաւ Յարութիւնեանը:

Արցախի նախագահը նշեց, որ ատրպէյճանական առաջին հարուածը անակնկալ էր, բայց համեմատելով Սովետական միութեան նկատմամբ ֆաշիստական Գերմանիայի հարուածին հետ, նշեց, որ գերմանական զօրքերը օրերու ընթացքին սահմանէն հասած են գրեթէ Մոսկուա, իսկ այսօր մարտերը կ՝ընթանան սահմանին վրայ եւ ոչինչ փոխուած է:

Արցախի նախագահը Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի աւարտի գործօնները թուարկելով, գլխաւոր գործօն համարեց Ատրպէյճանի ղեկավարութեան խելքի բացակայութիւնը:

«Առաջին գլխաւոր գործօնը խելքի գործօնն է, որ կը բացակայի թշնամիի ղեկավարութեան մօտ: Պատերազմը պիտի աւարտի, երբ Ատրպէյճանի ժողովուրդը հասկնայ, որ ունի հակաատրպէյճանական իշխանութիւն»,- ըսած է Յարութիւնեանը:

Արցախի նախագահը շեշտած է, որ պատերազմը պիտի աւարտի Ատրպէյճանի պարտութեամբ, իսկ հետեւանքները շատ ծանր պիտի ըլլան այն սանձազերծած երկրին համար:

«Հետեւանքները` հազարաւոր կամ տասնեակ հազարաւոր զոհեր իրենց կողմէ, բազմակի անգամ աւելի շատ վիրաւորներ: Տնտեսութեան քայքայում, որ տասնամեակներ վերականգնել հնարաւոր պիտի չըլլայ: Ատրպէյճանի ժողովուրդը տասնամեակներ շարունակ պիտի ունենայ ընկերային լուրջ խնդիրներ եւ լարուածութիւն, իսկ նաւթի պաշարները կը նուազին, ֆինանսական միջոցները կը վերջանան: Կը հասկնանք, որ պէտք է արդարացնեն այս ժամանակահատուածին մէջ փոշիացուած հարիւրաւոր միլիառաւոր տոլարները»,- նշած է նախագահը: