image

Գայիանէ Աբրահամեանը մանտաթը վար դնելու դիմում ներկայացուցած է

Գայիանէ Աբրահամեանը մանտաթը վար դնելու դիմում ներկայացուցած է

ՀՀ ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Գայիանէ Աբրահամեանը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացած է ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ  Արարատ Միրզոյեանի տարածած հաղորդագրութենէն:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 1-ին մասին համաձայն`  Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գայիանէ Աբրահամեանը 25 սեպտեմբերին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն` եթէ հրաժարականի հրապարակումէն ետք՝ մէկ շաբթուան ընթացքին, պատգամաւորը գրաւոր դիմումով ետ կը վերցնէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա Ազգային ժողովի նախագահն այդ մասին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, եթէ ետ չի վերցներ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա անոր լիազօրութիւններու դադարման մասին կը կազմուի արձանագրութիւն, որ կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը: Արձանագրութեան հրապարակման պահէն հրաժարականը կը համարուի ընդունուած»,-ըսուած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութեան մէջ: