image
Հրատապ լուրեր:

Դաւիթ Պապայեանը վարակուած է «Քորոնա»ով

Դաւիթ Պապայեանը վարակուած է «Քորոնա»ով

Արցախի պահպանողական կուսակցութեան  ղեկավար Դաւիթ Պապայեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Այս մասին ան յայտնած է իր ֆեյսպուքեան էջին:

«Թանկագի՛ն հայրենակիցներ, բարեկամներ, կուսակիցներ,

 Այսօր ես յանձնած եմ COVID-19-ի քննութիւն, որուն պատասխանը դրական է։ Այժմ մեկուսացած եմ եւ կ'աշխատիմ առցանց ռեժիմով։ ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներուն հետ կապի մէջ պիտի ըլլամ սովորականի պէս։

Շփման շրջանակս մեծ է։ Բոլոր անոնց, որոնք շփուած են ինծի հետ վերջին երկու-երեք օրերուն ընթացքին, կը խնդրեմ քննութիւն յանձնել։

Բոլորիդ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն»,- գրած է ան։