image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր Ս. Մարիամ Աստուածածնի ծնունդն է

Այսօր Ս. Մարիամ Աստուածածնի ծնունդն է

8 Սեպտեմբերին քրիստոնեայ բոլոր Եկեղեցիները անփոփոխ կը տօնեն Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ծնունդը:


Մարիամը, որուն անունը կը մեկնաբանուի լուսաւորեալ կամ Աստուծոյ սիրելի, ուխտի զաւակ էր։

Աստուածածինը ծնեցաւ իր ծնողներուն երկար տարիներու աղօթքով: Ան եղաւ Աստուծոյ պատասխանն այն ջերմեռանդ աղօթքի, որ երկինք կը բարձրացնէին երկար ժամանակ զաւակ չունեցող անոր ծնողները։

Ծնողները իրենց աստուածընծայ մանուկը երեք տարի պահելէ ետք, ի կատարումն ուխտի, տարին Երուսաղէմի տաճար՝ Տիրոջ ընծայելու: Այն ժամանակ դեռ ոչ ոք գիտէր, որ Աստուծոյ տաճարին ընծայուած այս մանուկը հետագային պէտք է ըլլար մարդկութեան մեղքերը սրբող Աստուծոյ մայրը։