image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի Ազգային գրադարանը նոր տնօրէն ունի

Հայաստանի Ազգային գրադարանը նոր տնօրէն ունի

Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար երկրորդ անգամ յայտարարուած մրցոյթի հետեւանքով, «Արեւելքի» տեղեկութիւններով, յաղթած է Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան պետական համալսարանի գրադարանի տնօրէն, Հայաստանի թուային գրադարաններու միութեան նախագահ, Հայաստանի համալսարանական գրադարանային աշխատանքներու կազմակերպման մասնագէտ, գրադարանային գործի կազմակերպիչ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Աննա Չուլեան:

Ան վերջին տասնամեակին, աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Հայաստանի մէջ թուային գրադարաններու ստեղծման եւ հանրահռչակման շարժումին, ըլլալով հայկական թուային գրադարան ստեղծելու գաղափարի ակունքին մէջ: Աւելի վաղ, առիթով մը «Արեւելքին» տուած հարցազրոյցի ընթացքին Աննա Չուլեան ըսած էր.

«Ազգային գրադարանի  գործառոյթները ամրագրուած են  ՀՀ գրադարաններու եւ գրադարանային գործի մասին օրէնքով, ուր յստակ գրուած է, որ Ազգային գրադարանը կը հաւաքագրէ, կը դասակարգէ, կը քարտագրէ, արխիւի կը վերածէ, կը սպասարկէ  եւ կը հանրահռչակէ մշակութային արժէքները: Ազգային գրադարանը շատ աւելի լուրջ կառոյց է, եւ վերաբերմունքը շատ աւելի լուրջ պէտք է ըլլայ: Մեր ռազմավարական խնդիրներէն մէկն է, թէ ո՞ր տեսանկիւնէն, ո՞ր դիտանկիւնէն  մենք կը նայինք Ազգային գրադարանին, որպէս ի՞նչ մենք զայն կը դիտարկենք, ի՞նչ կառոյց է, կը գիտակցի՞նք անոր առաքելութիւնը, գիտելիքահենք հասարակութեան կողմէ ազգային գրադարաններուն առաջադրուած մարտահրաւէրները եւ ըստ այդմ անվտանգութեան ի՞նչ նորմեր եւ ի՞նչ քայլեր կ'առնենք ռազմավարական այդ կառոյցի անվտանգութիւնը ապահովելու համար»:

Մինչ այս ընտրութիւնը, Ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար կ'աշխատէր գրող, գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու՝ Հրաչեա Սարիբեկեանը:

Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի (ԿԳՄՍ) Նախարարութենէն յայտնեցին, որ առաջիկայ աշխատանքային  օրերուն, կը հրապարակուի նախարարի համապատասխան հրամանը՝ նոր տնօրէնի նշանակման վերաբերեալ, որմով կը հաստատուի մրցութային յանձնաժողովի որոշումը:

Նշենք, որ Աննա Չուլեան 1919-ին հիմնուած Ազգային գրադարանի երկրորդ կին տնօրէնն է. գրադարանը իր պատմութեան ընթացքին նաեւ մէկ կին տնօրէն ունեցած է՝ Աղաւնի Ստեփանեանը:

Հայաստանի ազգային գրադարանը հայերէն գրականութեան աշխարհի ամենախոշոր պահոցն է։