image

100 Լիբանանահայեր Հայաստան տեղափոխուած են. Պետական մարմիններ կը հետեւին գործընթացին

100 Լիբանանահայեր Հայաստան տեղափոխուած են. Պետական մարմիններ կը հետեւին գործընթացին

ՀՀ պատկան կառոյցները տուեալներ կը հաւաքագրեն Պէյրութի մէջ անօթեւան մնացած եւ Հայաստան վերադառնալու ցանկութիւն յայտնող ՀՀ քաղաքացիներուն վերաբերեալ: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Հայաստանէն Լիբանանին օգնութիւն հասցուցած օդանաւերով մեր շուրջ 100 քաղաքացիներ կը վերադառնան Հայաստան։ Օդանաւերէն երկուքն արդէն ժամանած են, իսկ երրորդը ժամանած է քանի մը ժամ առաջ։ ՀՀ պատկան կառոյցները տուեալներ կը հաւաքագրեն անօթեւան մնացած եւ Հայաստան վերադառնալու ցանկութիւն յայտնող ՀՀ քաղաքացիներու վերաբերեալ։ Ես իմ ելոյթներէս մէկուն մէջ նշած եմ՝ պէտք է կարողանանք արագ գնահատել ՀՀ վերադարձող մեր քաղաքացիներու կարիքները, որպէսզի վերջիններս առանց մեծ դժուարութիւններու կարողանան իրենց կեցութիւնը հաստատել հայրենիքի մէջ։

Բարի գալուստ, Հայաստան, սիրելի հայրենակիցներ։ Ուրախ ենք բոլորիդ ընդունելու համար եւ կ'ընենք հնարաւոր ամէնը՝ ՀՀ վերադառնալու ցանկութիւն ունեցող քաղաքացիներու վերադարձը կազմակերպելու համար»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: