image

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը մէկ ամիսով պիտի երկարաձգուի

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը մէկ ամիսով պիտի երկարաձգուի

Քիչ առաջ պարէտատան նիստէն ետք ճեպազրոյցի ժամանակ փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեանը յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը պիտի երկարաձգուի եւս մէկ ամիսով, այն պիտի ըլլայ վերջին երկարաձգումը։ 

Պիտի ըլլան արգելքներու մեղմացումներ. «Մասնաւորապէս պիտի վերանայուի օտարերկրեայ քաղաքացիներու մուտքի հարցը, ապրանքներու արտահանման սահմանափակումները, հանրահաւաքներ, հանրային միջոցառումներ իրականացնելու հարցը»,- ըսած է Աւինեանը։

Արտակարգ դրութեան նոր ժամկէտը պիտի աւարտի 12 սեպտեմբերին: