image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի կողմէ զոհերու թիւը հասաւ 4-ի

Հայաստանի կողմէ զոհերու թիւը հասաւ 4-ի

Հակառակորդի արձակած կրակէն զոհուած են ժամկէտային զինծառայողներ, կրտսեր սերժանտ Սմբատ Գէորգի Գաբրիէլեանը եւ կրտսեր սերժանտ Գրիշա Վահանի Մաթեւոսեանը, այդ մասին կը յայտնէ ՀՀ  պաշտպանութեան նախարարութիւնը: 

Նշենք, որ այսօր հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիս-արեւելեան հատուածին հակառակորդի արձակած կրակէն Հայաստանը եւս երկու զոհ ունեցած է՝ աւագ գնդապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեան եւ հրամանատար Սոս Փայլակի Էլբակեանը:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ խորին ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: