image

Վահագն Չախալեանը բերման ենթարկուած է

Վահագն Չախալեանը բերման ենթարկուած է

«Նիւզ.ամ» կայքէն կը կարդանք, որ հասարակական գործիչ Վահագն Չախալեան բերման ենթարկուած է։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ, «Միասնական Ջաւախք» ժողովրդավարական դաշինք քաղաքական շարժման առաջնորդ Վահագն Չախալեան շարք քաղաքացիներու հետ, ինչպէս իրենք կ'ըսեն, ոչ թէ բողոքի արշաւ, այլ մամուլի ասուլիս կ'ուզէին ընել՝ «Ո՛չ խտրականութեան» կարգախօսով, պահանջելով  իշխանութիւններէն  խտրական վերաբերմունք չդրսեւորել եւ երկիրը չբաժնել սեւերու ու սպիտակներու:

Չախալեան, նախագահական նստավայրի դիմաց, բողոքելով բարձրաձայնած է՝ «Եթէ բողոքի արշաւը կապուած է մաքսանենգ սիկարեթի հետ՝ այն կարելի է, իսկ եթէ կապուած է ազգային արժէքներու պահպանութեան, լեզուի, կրօնի, ռազմագիտութեան հետ, այդ արշաւները կարելի չէ իրականացնել: 

Անոր խօսքով՝ իրենք պիտի չլռելն եւ պիտի չհանդուրժեն ոչ մէկ խտրական վերաբերմունք. «Եթէ Արման Պապաճանեանը կրնայ 20-25 հոգիով հաւաք ընել ու իրեն ոչ ոք բան կ'ըսէ, ՀՀԿ-ական երիտասարդները ցոյց կ'ընեն ու չեն լռեցուիր, ապա մեզի եւս պարտաւոր են ոչինչ ըսել»:

Ըստ անոր, անոնք որոնք կը բարձրաձայնեն իրական օրակարգի խնդիրներ եւ կը պահանջեն լուծումներ, իշխանութիւններուն կողմէն կ'արժանանան քննադատութիւններու եւ լռեցնելու փորձեր կը կատարուի:

Արշաւի մասնակիցները հասած են դէպի նախագահական նստավայր, ոստիկաններուն ըսած, որ կ'ուզեն նամակ փոխանցել նախագահին՝ «Լեզուիս, կրօնիս, պատուիս մի´ դպնար» գրութեամբ պաստառով:

Սակայն ոստիկանները նշեցին, որ նմանատիպ պաստառ չեն կրնար փոխանցել, իսկ ինչ կը վերաբերի Արման Պապաճանեանին, նշեցին, որ պատգամաւորը եկած էր, որ նամակ փոխանցէր նախագահին, այդ պատճառով ալ անոր թոյլ տուած են:

Նշենք նաեւ, որ ոստիկանները արշաւի մասնակիցները  ոստիկանութեան օրինական պահանջը չկատարելու հիմքով բերման ենթարկեցին: