image
Հրատապ լուրեր:

«Իմ Քայլ»էն նոր առաջա՞րկ. Թանկացնել դիմակ չդնելու տուգանքները

«Իմ Քայլ»էն նոր առաջա՞րկ. Թանկացնել դիմակ չդնելու տուգանքները

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին» նախագիծ։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Ազգային ժողովի կայքէն։

Մասնաւորապէս՝ առաջարկուող փոփոխութիւններով արտակարգ իրավիճակի հիմքով յայտարարուած արտակարգ դրութեան ընթացքին հանրային բաց տարածքներու մէջ դիմակ կրելու պահանջները խախտելը կ'առաջացնէ տուգանքի նշանակում` սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի քսանապատիկի չափով (20.000 ՀՀ դրամ):

Բացի այդ՝ արտակարգ իրավիճակի հիմքով յայտարարուած արտակարգ դրութեան ընթացքին բնակելի տարածք չհանդիսացող փակ տարածքներու մէջ, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան միջոցներուն եւ աշխատավայրուն մէջ դիմակ կրելու պահանջները խախտելը` կ'առաջացնէ տուգանքի նշանակում` սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի յիսնապատիկի չափով (50.000 ՀՀ դրամ)։

Նախատեսուած արարքները վարչական տոյժի նշանակման օրէն ետք` մէկ տարուան ընթացքին, կրկին կատարելը` կ'առաջացնէ տուգանքի նշանակում` տուեալ արարքներու համար նախատեսուած տուգանքներու կրկնապատիկի չափով։