image

Ողբերգական դէպք Արցախի մէջ. Երեխաները գացած են իրենց անասունները բերելու եւ չեն վերադարձած

Ողբերգական դէպք Արցախի մէջ. Երեխաները գացած են  իրենց անասունները  բերելու եւ չեն վերադարձած

Սարսանկի ջրամբարին մէջ ջրահեղձ եղած 11 եւ 14-ամեայ երեխաները  Արցախի Վերին Հոռաթաղ գիւղի բնակիչներ ու հարեւաններ եղած են: Այս մասին  յայտնած է  Արցախի Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար՝ Հայկ Բախշէեան` մանրամասնութիւններ յայտնելով 3 Յուլիսին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքի մասին:

«Գացած են իրենց անասուններու ետեւէն, ուշացած են, ընտանիքի անդամները գացած են փնտռելու, մէկուն` 11 տարեկանի դին գտած են, միւսինը մինչեւ հիմա կը փնտռենք եւ չենք գտներ: Չենք կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս խեղդուած են, անոնք շորերով եղած են, եթէ մտած էին լողալու, շորերը հանած կ'ըլլային»,- յայտնեց վարչակազմի ղեկավարը:

Է. Ա.-ն 2009-ի ծնունդ է, անոր դիակը յայտնաբերուած է ջրամբարէն եւ շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է Գետաւանի տեղամասային հիւանդանոց:

Դ. Ս.-ն 2006-ի ծնունդ, դեռեւս չեն յայտնաբերած: Փրկարարաորոնողական աշխատանքները կը շարունակուին: 

 

Լուրը՝  «Նիուզ.ամ»  կայքէն