image

Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը ՝ Տանըլտ Թրամբին

Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը ՝ Տանըլտ Թրամբին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբին՝ ԱՄՆ Անկախութեան օրուան կապակցութեամբ:  Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Մեծարգոյ պարոն նախագահ,

Ջերմ շնորհաւորանքներ կը յղում Ձեզի եւ Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդին՝ Անկախութեան օրուան առթիւ:

4 Յուլիսի խորհուրդը վաղուց հատած է բուն ԱՄՆ սահմանները եւ դարձած անկախութեան համար մղուող յաղթական պայքարի խորհրդանիշ։ Հիմնադիր հայրերու կողմէ սահմանուած պետականաշինութեան գաղափարները վաղուց ի վեր օրինակ դարձած են ժողովրդավարութեան ուղին որդեգրած աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու համար:

Երկու տարիէ ի վեր Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարժին համապարփակ, համակարգային բարեփոխումներու իրականացման ճանապարհով: Այն պէտք է յանգեցնէ ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վերջնական հաստատմանն ու անշրջելիութեան մեր երկրին մէջ: Կաշառակերութեան դէմ պայքարն ու դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումները այս առումով առաջնային տեղ կը զբաղցնեն մեր այսօրուան օրակարգին մէջ:

Մենք երախտապարտ ենք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխում­ներու նկատմամբ ԱՄՆ ցուցաբերած զօրակցութեան եւ նիւթական ու արհեստագիտա­կան աջակցութեան համար: Բարձր կը գնահատենք նաեւ այս օրերուն աշխարհը պատուհասած համաճարակի դէմ պայքարի համար Ձեր վարչակազմի կողմէ Հայաստանին տրամադրուող օժանդակութիւնը:

Հայաստանը մեծապէս կ'արժեւորէ Միացեալ Նահանգներու հետ բարե­կա­մական յարաբերութիւն­ներու հետագայ զարգացումը՝ մէկ տարի առաջ հաստատ­ուած ռազմավարական երկխօսութեան շրջածիրէն ներս: Կարեւոր կը համարենք ուժերու ներածին չափով մեր շարունակական մասնակցութիւնը միջազգային ահաբեկ­չութեան դէմ պայքարին եւ միջազգային անվտանգութեան ապահովման համար ԱՄՆ նախաձեռնութիւններուն։ Բարձր կը գնահատենք ԱՄՆ կառուցողական ներգրաւուածութիւնն ու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։

Մենք այս տարի կը նշենք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ ԱՄՆ-ի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեայ տարե­դարձը: Պատմական այս նշանակալից փաստը, յիրաւի, առանձնայատուկ զգացմունքային երանգ եւ բովանդակութիւն կը հաղորդէ մեր գործընկերութեան: Ընդհանուր ժողովրդա­վարական արժէքներուն հետ միասին այն ամուր հենք կը ստեղծէ մեր երկու երկիրներու բարեկամութեան յարատեւ զարգացման եւ առաջընթացին համար:  

Թոյլ տուէք անգամ մը եւս շնորհաւորել Ձեզ ու Ամերիկայի բարեկամ ժողովրդը` մաղթելով խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ շուտափոյթ յաղթանակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարին մէջ»։