image

Գագիկ Ծառուկեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով

Գագիկ Ծառուկեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով

ԲՀԿ առաջնորդ, ԱԺ պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով։ Տեղեկութիւնը ան գրած է ֆեյսպուքեան իր էջին` կից տեղադրելով այն տեսանիւթը, ուր ինքը` Ծառուկեանը, լրագրողներուն կը հաւաստիացնէ, որ «լաւ մարդոց «Քորոնա»ն չի դպնար»։

«Փաստօրէն բարի մարդոց եւս «Քորոնա» ժահրը չի շրջանցեր։ Առողջութիւն բոլոր վարակակիրներուն: Աստուած պահապան մեզի բոլորիս»,–գրած է ան տեսանիւթին կից։

Գագիկ Ծառուկեանի փաստաբան Էմին Խաչատրեանը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է լուրը եւ ըսած, որ Ծառուկեանի վիճակը լաւ է, հիւանդանոց տեղափոխուելու կարիք այս պահին չունի։ Թեթեւ ջերմութիւն ունի, ինքնամեկուսացած է իր տան մէջ։