image

Գագիկ Ծառուկեան պիտի չկալանաւորուի

Գագիկ Ծառուկեան պիտի չկալանաւորուի

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանը մերժած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութիւնը։ Այսպիսով,  Գագիկ Ծառուկեանը պիտի չկալանաւորուի։

Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 154.2-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով՝ ընտրակաշառք տալու համար։ Ան չընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը։ 

16 Յունիսին Ազգային ժողովը փակ քուէարկութիւններով հաւանութիւն տուած է պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէն եւ ազատութենէն զրկելու վերաբերեալ ՀՀ Գլխաւոր դատախազի միջնորդութիւններուն: