image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք հատած ենք վտանգի բոլոր գիծերը եւ կը քալենք դժոխքի մէջէն» Վարչապետի ահազանգը

«Մենք հատած ենք վտանգի բոլոր գիծերը եւ կը քալենք դժոխքի մէջէն» Վարչապետի ահազանգը

Ես ունիմ պարտաւորութիւն ձեր առաջեւ ըսել ամբողջ ճշմարտութիւնը, որքանով ալ այն դաժան ըլլայ: Այսօրուայ դրութեամբ, հանրապետութեան մէջ շուրջ 200 «Քորոնա» ժահրով հիւանդ  քաղաքացի կայ, որ կը սպասէ հիւանդանոց տեղափոխուելու իր հերթին: Այս մասին, 6 յունիսին, պարէտատան նիստէն ետք կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Այսինքն մեր առողջապահական համակարգը այսօր արդէն այնքան ծանրաբեռնուած կ'աշխատի, որ հիւանդանոց տեղափոխուելու ենթակայ հիւանդները չենք կրնար տեղաւորել հիւանդանոցներուն մէջ:

Ըսեմ աւելին, մենք արդէն ունինք դէպք, երբ բժշկական օգնութեան ուշացման պատճառով մարդ մահացած է «Քորոնա» ժահրէն: Ընդ որում, ուշացման պատճառը երկակի է. հարազատները քիչ մը ուշացուցած են հիւանդի վերաբերեալ ճիշդ տեղեկատւութեան փոխանցումը առողջապահական համակարգին, եւ տեղեկատւութիւնը ստացուած է ուշացումով, արձագանգն ալ եղած է ուշացումով, եւ արձանագրած ենք այսպիսի առաջին մահը:

Նաեւ երկու մահուան դէպք ունեցած ենք, երբ հիւանդը պէտք է ըլլար վերակենդանացման բաժանմունք, բայց գտնուած է ընդհանուր բաժանմունք՝ տեղ չըլլալու պատճառով»,-ըսած է Փաշինեանը:

«Անկախ ամէն ինչէ, մենք պէտք է արձանագրենք, որ հասած ենք ճգնաժամային վիճակի եւ արդէն իսկ կը քալենք դժոխքի մէջէն»,-նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ասոր լուծումը գոնէ միջնաժամկէտ կրնայ ըլլալ մէկ բան, որ իսկապէս ընդհանուր հակահամաճարակային շարժում սկսի ՀՀ-ի մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը առաջնորդուի այն կանխավարկածով, որ հիւանդանոցային տեղերու պակասի պատճառով կրնայ մահանալ ինքը, իր հարազատը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է առաջնորդուի այն կանխավարկածով, որ ինքը վարակուած է եւ պէտք չէ վարակէ միւսներուն»,-ըսած է ան:

Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ ԱՀԿ-ն վերանայած է դիմակներու հետ կապուած իր նախապէս ըրած գնահատականը. «Անոր այսօրուայ գնահատականը ճշգրիտ կը համապատասխանէ մեր կայացուցած որոշումներուն: Ուրեմն ընդհանուր հակահամաճարակային շարժման խնդիրներէն մէկը պէտք է ըլլայ չէզոքացնել հակաքարոզչութիւնը հակահամաճարակային գործողութիւններու վերաբերեալ եւ իրականացնել ընդհանուր աջակցութիւն կառավարութեան իր հակահամաճարակային քայլերուն մէջ: Մենք այս իրավիճակէն ունինք մէկ ելք, թէկուզ  դժոխքի մէջէն քալելով, պէտք է դուրս գանք հակառակ կողմէն:

Ես կը զարմանամ, որ կը ստանամ լուսանկարներ, ուր հարիւրաւոր մարդոց մասնակցութեամբ տեղի կ'ունենան յուղարկաւորութեան արարողութիւններ: Այն պարագային, երբ արդէն մօտ տասնեակի չափ բնակավայրեր փակուած են յուղարկաւորութիւններէն տարածուող դէպքերու առնչութեամբ:

Մենք արդէն հատած ենք այն եզրը, որմէ այն կողմ դժոխային իրավիճակ է: Բայց ես կ'ուզեմ նաեւ ըսել, որ կառավարութիւնը այս իրավիճակին մէջ երկու քայլ կ'ընէ. Առաջինը ուղիղ, անկեղծ կը խօսի եւ կը հաղորդակցուի հանրութեան հետ, կը ներկայացնէ ճշմարտութիւնը, երկրորդ, բոլոր միջոցները կը ձեռնարկուին հիւանդանոցային  մահճակալային եւ վերակենդանացման տեղերը աւելցնելու համար»,-յայտարարած է ան: