Հայաստանի մէջ, 5 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 11817 դէպք, որոնցմէ 3513ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8052 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 65 161 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 596 նոր դէպք եւ 45 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 183):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 72, 78, 72 տարեկան տղամարդիկ եւ 69, 59, 33, 61 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 69 է: