image

Մեր հիւանդներու վիճակը ծանր է. Թորոսեան

Մեր հիւանդներու վիճակը ծանր է. Թորոսեան

Մինչ օրս արձանագրուած ամենամեծ թիւը ունեցած ենք «Քորոնա» ժահրով դէպքերու՝ 697 նոր դէպք. հետեւաբար, ընդահանուր թիւը հատած է 11 հազարի շեմը՝ հասնելով 11 221-ի: Այս մասին այսօր՝ 4 յունիսի կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:

«Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիներու թիւը մօտաւորապէս նոյնը կը մնայ: Ծանր վիճակի մէջ է 391 մարդ, իսկ ծայրայեղ ծանր՝ 59 հոգի, թոքերու օդափոխութեան սարքերուն միացուած 15 հոգի:

Նաեւ կայ վտանգաւոր միտում մը, որ նորէն ունենանք դէպքեր տարբեր արտադրական անձնակազմերու: Փորձը ցոյց կու տայ, որ անկէ ետք հնարաւոր է նորէն բռնկում ըլլայ: Փաստացի հիմա հնարաւոր է նման սենար ունենանք, ատոր համար շատ կարեւոր է կանոններու խիստ պահպանումը»,-ըսած է նախարարը:

Ան աւելցուցած է, որ լարուած կը մնան հիւանդանոց փետափոխման ամէնօրեայ վիճակը. «Որպէս օրինակ բերեմ, որ այս արձանագրուած դէպքերու 15-20 տոկոսը կարիք ունի հիւանդանոց տեղափոխուելու: Մենք ամէնօրեայ ռեժիմով գրեթէ ձեռքով կը տեղաւորենք հիւանդները եղած մահճակալային  ֆոնտի վրայ: Շատ կարեւոր է, որ թիւերու էական անկում արձանագրենք, որպէսզի կարողանանք այդ գործընթացը շարունակել այնպէս, ինչպէս միշտ ըրած ենք, այսինքն որ մէկը չթողենք առանց բուժօգնութեան: Հակառակ պարագային շատ դժուար պիտի ըլլայ այդ ամէնը ապահովել: Մեր գործողութիւնները պէտք է ասկէ բխին»,-ըսած է ան: