image
Հրատապ լուրեր:

«Հիւանդանոցներուն մէջ արդէն տեղերը կը սպառին» Վարչապետը կը շարունակէ ահազանգելազ

«Հիւանդանոցներուն մէջ  արդէն տեղերը կը սպառին» Վարչապետը կը շարունակէ ահազանգելազ

«Աշխարհի մէջ չկայ որեւէ ուժային կառոյց, վարչական համակարգ, որ այս մասշտապի հարցը կարենայ լուծել»,- «Քորոնա» ժահրի մեծ թիւով նոր դէպքերու վերաբերեալ ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ես վերջին օրերուն շատ դաժան խօսակցութիւն ունեցած են ե՛ւ ոստիկանութեան պետի, ե՛ւ ԱԱԾ տնօրէնի հետ՝ առաջին հերթին հարցի մաշտապը եւ իրավիճակը ճիշդ չներկայացնելու համար: Որովհետեւ այն ինչ ես տեսայ ձեր օգնութեամբ ուղղակի աղէտ է: Ուժային կառոյցը ժամացոյցի նման աշխատի այս խնդիրը չի կրնար կարգաւորել: Ես կ'ուզեմ՝ մենք սա արձանագրենք: Հարցը պատասխանատուի մէջ չէ, ես եմ պատասխանատու, բայց ատկէ բան կը փոխուի՞ մահացողներու հարազատներուն համար»,- նշած է Փաշինեանը:

«Դպրոցներուն մէջ ի՞նչ կը կատարուի, դրամատուներու, շուկաներու, «Հայփոսթ»ի, Արարատեան մաքսատան մէջ»,- ըսած է վարչապետը՝ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը առանձին ի վիճակի չէ լուծելու այդ խնդիրը, եթէ հասարակութեան մէջ իւրաքանչիւրը այն իրենը չհամարէ:

«Հիւանդանոցներուն մէջ տեղերը կը սպառին, սիրելի՛ հայրենակիցներ, արդէն պիտի սպառին, որովհետեւ այս ընթացքը մէկ օրուան մէջ հնարաւոր չէ կանգնեցնել, եւ ես համոզուած եմ, որ եթէ պահէինք այն կանոնները, որ պէտք է պահէինք, 95 տոկոսով պակաս ցուցանիշ կ'ունենայինք: Պէտք է ամէն մէկս մեր սխալը ընդունինք եւ մէկ քայլ ետ ընենք այս անդունդ տանող ճանապարհէն: Սա է իմ ուղերձը»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ այդ չի նշանակեր, որ ոստիկանութիւնը պէտք է իր զգօնութիւնը թոյլցնի:

«Ես հնարաւորութիւն կը տեսնեմ, որ մենք ի վերջոյ փոխենք մեր վերաբերմունքը մենք մեր նկատմամբ, կանոնի նկատմամբ, օրէնքի նկատմամբ, դիմացինի անվտանգութեան նկատմամբ:

Սա մեր ընդհանուր խնդիրն է, եւ պէտք է իրար հետ լուծենք այս խնդիրը»,- եզրափակած է Նիկոլ Փաշինեանը: