image

Ամբողջ Երեւանը վարակի օճախ է եւ իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ. Վարչապետ

Ամբողջ Երեւանը վարակի օճախ է եւ իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ. Վարչապետ

«Քորոնա» ժահրի շուրջ իրավիճակը ցաւօք սրտի, կը շարունակէ լարուիլ, երէկ նոր 442 դէպք ունեցած ենք, մահացած է 15 քաղաքացի: Այս մասին այսօր՝  28 մայիսին, պարէտատան նիստէն ետք կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ որ նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է բոլոր մահացածներու ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, մտերիմներուն:

«Մեր վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ վարակի ամենամեծ օճախը Երեւանն է: Ըստ էութեան, կրնանք արձանագրել, որ վարակի հնարաւոր աղբիւրները ամէնուրեք են՝ աշխատանքային վայր, փոխադրամիջոց, փողոց, հանրային սնունդի կէտեր, դրամատուներ, ամէնուր: Հետեւաբար, այս իրավիճակէն ելքը հակահամաճարակային կանոններու պահպանումն է՝ դիմակի համատարած կրումը, ձեռքերու ախտահանումը պարբերաբար, ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը:

 Պէտք է բացառել որեւէ առեւտրային կէտի մէջ առքուվաճառքի գործարք, երբ ե՛ւ գնողը, ե՛ւ վաճառողը դիմակով չեն»,-ըսած է ան: