image

Բարերարը Սուրբ Էջմիածնին փոխանցած է 50․000 ԱՄՆ տոլար՝ ի զօրակցութիւն լիբանանահայութեան

Բարերարը Սուրբ Էջմիածնին փոխանցած է 50․000 ԱՄՆ տոլար՝ ի զօրակցութիւն լիբանանահայութեան

Մայր Աթոռէն կը տեղեկանանք, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ նուիրատւութիւններ ստանալ համավարակի հետեւանքներու յաղթահարմանն ի նպաստ Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող ընկերային, առողջապահական եւ կրթական ծրագրերու համար։
Գերմանիոյ հայոց թեմը ընկերային ծրագրերու համար նուիրաբերած է 4000 (չորս հազար) եւրօ գումար։

«Իզմիրլեան» հիմնադրամի կողմէ Մայր Աթոռին յատկացուած է 100․000 (հարիւր հազար) ԱՄՆ տոլար գումար կարիքի մէջ յայտնուած ընտանիքներուն Հայաստանի եւ Արցախի թեմերուն միջոցով պարէնային օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։

Ճորճ եւ Ճոն Քիւրքչեան եղբայրներու հիմնադրամը տրամադրած է քսան հազար (քսան հազար) ԱՄՆ տոլար:

Ոմն հաւատացեալ բարերարի կողմէ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցուած է 50 000 (յիսուն հազար) ԱՄՆ տոլար գումար ի զօրակցութիւն լիբանանահայութեան։