image

Ոստիկանութիւնը հերքած է Գաւառի մէջ 4 զոհի մասին ԶԼՄ-ներու լուրը

Ոստիկանութիւնը հերքած է Գաւառի մէջ 4 զոհի մասին ԶԼՄ-ներու լուրը

ՀՀ ոստիկանութենէն յայտնած են, որ 28 ապրիլին, ժամը 17.40-ի սահմաններուն Գաւառի մէջ տեղի ունեցած դէպքի հետեւանքով կայ 2 զոհ եւ վիրաւորներ, Ոստիկանութեան քննչական խումբերն անհրաժեշտ գործողութիւններ կ'իրականացնեն: Կը ձեռնարկուին միջոցառումներ` կատարուածի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

Յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս կը կատարուի նախաքննութիւն:

Ինչպէս կրակոցներով, այնպէս ալ անոր յաջորդած դէպքերով կան բերման ենթարկուածներ։

Ոստիկանութիւնը հերքած է չորս զոհի մասին լուրը, նշելով, որ  բժշկական կեդրոնին մէջ որեւէ մէկը չէ սպանուած: