image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ. «Քորոնա»ով վարակուած 5 հիւանդներ բուժուած են, իսկ 3-ի վիճակը՝ բաւարար

Արցախի մէջ. «Քորոնա»ով վարակուած 5 հիւանդներ բուժուած են, իսկ  3-ի վիճակը՝  բաւարար

27 Ապրիլի ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ Արցախի մէջ նոր տիպի «Քորոնա» ժահրով (COVID-19) վարակուած 8 քաղաքացիներէն 5-ն արդէն ապաքինուած են:

«Արցախբրես»-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ԱՀ Պարէտի մամուլի հետ կապերու պատասխանատու Տիգրան Աբրահամեանն ըսած է, որ, այսօրուայ դրութեամբ, նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս մէկ քաղաքացի ապաքինուած եւ դուրս գրուած է բժշկական հաստատութենէն:

«Խօսքը 7 ապրիլին Արցախի Հանրապետութիւն մուտք գործած ՀՀ այն քաղաքացիի մասին է, ուրուն մօտ 8 ապրիլին հաստատուած էր «Քորոնա» ժահրային վարակը: Հետագայ բուժման նպատակով անոր տեղափոխած էին ՀՀ: Ինչ կը վերաբերի ներկայիս բուժում ստացող միւս երեք վարակուած քաղաքացիներուն, նշեմ, որ անոնց առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար»,- տեղեկացուցած է Տ. Աբրահամեանը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ, այսօրուայ դրութեամբ հետազօտուած է 239 քաղաքացի: Ընդհանուր առմամբ, նոր քննուած 44 քաղաքացիներու հետազօտութեան արդիւնքները պիտի ստանան աւելի ուշ: Այս պահի դրութեամբ՝ մեկուսացուած է 22 քաղաքացի: