image

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1808-ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1808-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 62 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 27 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1808 է, արձանագրուած է մահուան 29 (աւելցած է եւս 1-ը) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 18 հազար 547 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 15-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 848։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 931 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 80 տարեկան եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։