Հայաստանի մէջ 6 ապրիլի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման եւս 11 դէպք, հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 833 է, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը։
6 Ապրիլի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրէն բուժուածներու թիւը 62 է, փաստացի բուժուողներինը՝ 763, բացասական քննութիւնները՝ 4096, մահուան ելքերը՝ 8: